Տոքթ. Փօլ Հայտոսեանի այցելութիւնը Արժանթին.

Հայկազեան Համալսարանը համագործակցութեան նոր դաշտեր բացաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ

07 de mayo de 2019

Ապրիլ 22էն 30 աշխա­տանքա­յին այցե­լութեամբ Արժանթին կը գտնուէր Պէյրութի Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի տնօ­րէն Վե­րա­պա­տուե­լի Փօլ Հայտո­սեան: Տա­րի մը ա­ռաջ Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նի և Ռո­սա­րիո­յի Պե­տա­կան Ազգա­յին (Պե­տա­կան) Հա­մալսա­րա­նի միջև ստո­րագրուած հա­մա­գործակցութեան հա­մա­ձայնագրի ծի­րին մէջ, Հայկա­զեա­նի Տնօ­րէ­նը հրաւի­րուած էր Ռո­սա­րիո­յի Հա­մալսա­րա­նին մէջ գործող Հայկա­կան Ամպիո­նի «Հայկա­կան Հարցը Մի­ջազգա­յին Յա­րա­բե­րութիւննե­րուն մէջ» տա­րե­կան սե­մի­նա­րին բա­ցումը կա­տա­րե­լու յա­տուկ դա­սա­խօ­սութեամբ մը:

Այցե­լութեան օ­րա­կարգին վրայ էին նաև Ռո­սա­րիո­յի ու Պուէ­նոս Այրէ­սի մէջ հա­մայնքա­յին և ա­կա­դե­մա­կան հանդի­պումներ, հրա­պա­րա­կա­յին դա­սա­խօ­սութիւններ և Ցե­ղասպա­նութեան 104րդ Տա­րե­լի­ցի յի­շա­տակման ա­րա­րո­ղութիւննե­րու մասնակցութիւն: Այսպէս, իր ժա­մա­նումին գի­շերն իսկ, Ապրիլ 22ին, Տոքթ. Հայտո­սեան անգլե­րէ­նով դա­սա­խօ­սեց Մի­ջազգա­յին Յա­րա­բե­րութիւննե­րու Արժանթի­նեան Խորհուրդին մէջ՝ «Ի՞նչ դեր վե­րա­պա­հուած է Մի­ջին Արև­ելքի Քրիստո­նէութեան տա­րա­ծաշրջա­նի զարգացման գործընթա­ցին մէջ» նիւթին մա­սին:

Նշեալ հիմնարկը նախքին դիւա­նա­գէտներն ու մի­ջազգա­յին քա­ղա­քա­կա­նութեան մասնա­գէտներ հա­մախմբող ա­մե­նա­հանրա­ծա­նօթ Թինք-թանքն է: Ե­լոյթէն յե­տոյ Մա­րա­շի Հայրե­նակցա­կան Միութիւնը յա­տուկ ընդունե­լութիւն մը կազմա­կերպեց հիւրին ի­րենց ա­կումբին մէջ: Յա­ջորդ օր Տոքթ. Հայտո­սեան մասնակցե­ցաւ Արժանթի­նի Հանրա­պե­տութեան Հայկա­կան Հաստա­տութիւննե­րու (ծա­նօթ՝ լա­տի­նա­կան իր սկզբնա­տա­ռե­րով որպէս ԻԱ­ՐԱ) շա­բա­թօ­րեայ ժո­ղո­վի մէկ բաժնին, ո­րուն ընթացքին ան հա­մայնքի ղե­կա­վարնե­րուն ամփոփ կերպով ներկա­յա­ցուց Հայկա­զեան Հա­մալսա­րա­նը և կարծիքներ փո­խա­նա­կեց միջ-հա­մայնքա­յին հա­մա­գործակցութեան հե­ռանկա­նե­րուն մա­սին: Նոյն գի­շե­րը ան ընթրեց հա­մայնքէն խումբ մը ա­կա­դե­մա­կաննե­րու հետ՝ փոխ-ծա­նօ­թացման ու հա­մա­գործակցութեան կա­րե­լիութիւննե­րու քննարկման մա­սին զրուցե­լու նպա­տա­կով: Ռո­սա­րիո­յի մէջ Ապրիլ 24-26 իր ե­ռօ­րեայ այցե­լութեան օ­րա­կարգը բազմա­կողմա­նի էր:

Սկսաւ Ապրի­լեան յի­շա­տա­կումի հա­մայնքա­յին հրա­պա­րա­կա­յին ձեռնարկով, ո­րուն աւարտին քա­ղա­քի Յի­շո­ղութեան Թանգա­րա­նին մէջ, ուր Հա­յոց Ցե­ղասպա­նութեան յատկա­ցուած բա­ժին մը կայ, Տոքթ. Հայտո­սեան ուղերձի խօսքով հանդէս ե­կաւ տեղւոյն հայ և լի­բա­նանցի հա­մայնքնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն առջև: Նոյն գի­շե­րը հայ հա­մայնքը ի պա­տիւ ի­րեն կազմա­կերպեց ընդունե­լութիւն: Ապրիլ 25ին Տոքթ. Հայտո­սեան բա­ցումը կա­տա­րեց Հայկա­կան Ամպիո­նի տա­րե­կան սե­մի­նա­րին, ա­պա, յետմի­ջօ­րէին, ե­լոյթ ունե­ցաւ լի­բա­նա­նեան հա­մայնքի հո­վա­նաւո­րութեամբ գործող Լա­տին Ա­մե­րի­կեան Մանկա­վարժա­կան Կեդրոն Հա­մալսա­րա­նին մէջ: Ռո­սա­րիո­յի լի­բա­նա­նեան հա­մայնքը այդ գի­շեր Տոքթ. Հայտո­սեա­նին պա­տուեց յա­տուկ ճաշկե­րոյթով: Այցե­լութեան վերջին օ­րը Հայկա­զեա­նի Տնօ­րէ­նը պաշտօ­նա­կան հանդի­պում մը ունե­ցաւ Ռո­սա­րիո­յի հա­մալսա­րա­նի իր գործընկե­րոջ՝ Հեքթոր Ֆլո­րիա­նիի հետ և Հայկա­կան Ամպիո­նի պա­տասխա­նա­տունե­րու և այլ ա­կա­դե­մա­կաննե­րու ներկա­յութեան փո­խա­նա­կուե­ցան հա­մա­գործակցութեան հա­մա­ձայնագրի փաստա­թուղթե­րը:

Վե­րա­դառնա­լով Պուէ­նոս Այրէս, Ապրիլ 26ի գի­շե­րը ան հիւրը ե­ղաւ ՀԲԸ­Մի յա­տուկ ընթրի­քին ի պա­տիւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան ԱրտԳործ Նա­խա­րար Մա­սիս Մա­յի­լեա­նի և իր գլխաւո­րած պա­տուի­րա­կութեան: Շա­բաթ գի­շեր ան այցե­լեց Պուէ­նոս Այրէ­սի Սի­րիօ-Լի­պա­նէս ա­կումբը ուր հիւրընկա­լուե­ցաւ Տիա­րիօ Սի­րիօ-Լի­պա­նէս առցանց հրա­տա­րա­կութեան տնօ­րէն և ա­կումբի ղե­կա­վարնե­րէն Ժաուտաթ Պրա­հի­մի կողմէ: Նշենք որ յի­շուած շա­բա­թա­թերթը երկար հարցազրոյց մը ունե­ցաւ հե­տը: Կի­րա­կի 28 Ապրի­լին Տոքթ. Հայտո­սեան մասնակցե­ցաւ հայ աւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեցւոյ պաշտա­մունքին և ե­ղաւ օ­րուայ քա­րո­զի­չը՝ Ապրի­լեան խորհուրդին թե­մա­յով:

Ա­պա ան ներկայ գտնուե­ցաւ ՀՄԸ­Մի կազմա­կերպած Ապրի­լեան աւանդա­կան մա­տա­ղին: Իր այցե­լութեան նա­խա­վերջին օ­րը Տոքթ. Հայտո­սեա­նին ընդունեց Արժանթի­նի մօտ ՀՀ Լիա­զօր Դեսպան Եսթեր Մկրտումեան, իսկ վերջին գի­շե­րը նախքան օ­դա­կա­յան մեկնի­լը ան մասնակցե­ցաւ ՀՅԴ Հա­րաւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կո­մի­տէի կողմէ տա­րա­ծաշրջան այցե­լող Արցա­խի պա­տուի­րա­կութեան ի պա­տիւ տրուած ընթրի­քին: ԱՐՄԵ­ՆԻԱ մօ­տերս պի­տի հրա­տա­րա­կէ լայն հարցազրույց մը Տոքթ. Հայտո­սեա­նի հետ Արժանթին կա­տա­րած իր այս ա­ռա­ջին այցե­լութեան արդիւնքնե­րուն և սպա­սումնե­րուն մա­սին: